Հայ Առաքելական Եկեղեցին միշտ եղած է ազգային բնոյթ ունեցող եկեղեցի եւ բացառիկ դերակատարութիւն խաղացած է մեր ազգային ինքնութեան, լեզուի ու հաւատքի պահպանման երկար դարերով շարունակ․ Գասպար Կարապետեան

Բաւական ժամանակ է, բոլոր առիթներով կը նշեմ մեր ազգի գոյութեան ամէնէն ճգնաժամային պահերուն մասին, երբ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ դժբախտաբար ներքին սպառնալիքները չափազանց ճնշիչ են:
Յաճախ անդրադարձած եմ մեր ժողովուրդի միասնութեան անառարկելի կարեւորութեան մասին, քանի միայն այդ ձեւով կը հաւատամ որ պիտի կարենանք դիմագրաւել մեր առջեւ ծառացած վտանգները:
Եւ իսկապէս անհասկնալի, մտահոգիչ եւ նոյնիսկ կասկածելի դրդապատճառներով վերջին շրջանին շղթայազերծուած պախարակման արշաւը Հ.Հ. Վարչապետին եւ իր շրջապատին կողմէ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին եւ իր սպասաւորներուն հանդէպ, շատ անգամ նաեւ Վարչապետի մը համար անվայել եւ անբարոյ արտայայտութիւններով: Անշուշտ պոպուլիստական ելոյթներով երբ կըսեն թէ իրենք դէմ չեն Հայ Եկեղեցիին եւ կրօնքին, այլ միայն կղերականներուն դէմ, սակայն անշուշտ հայ ժողովուրդը այդքան միամիտ չէ որ չհասկանայ թէ, իրենց հետապնդումները այլ են, քանի Եկեղեցիին կառոյցը, կղերականներն են եւ հաւատացեալները:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին միշտ եղած է ազգային բնոյթ ունեցող եկեղեցի եւ բացառիկ դերակատարութիւն խաղացած է մեր ազգային ինքնութեան, լեզուի ու հաւատքի պահպանման երկար դարերով շարունակ: Եւ՝ զարմանալի չէ որ այսօր, հակառակ բոլոր վարկաբեկիչ յայտարարութիւններուն եւ սպառնալիքներուն իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ հանդէպ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ ունենալ ամէնէն բարձր յարգանք վայելող ցուցանիշը Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ:
Նաեւ չափազանց մտահոգիչ են յարձակումները եւ հետապնդումները որ նորէն լայն մաշտապով սկսած են, բոլոր անոնց դէմ որոնք կը կատարեն իրենց սահմանադրական եւ քաղաքացիական իրաւունքը արտայայտելու իրենց տեսակէտները եւ համոզումները, իշխանութեան դէմ եւ կամ պահանջելով իշխանափոխութիւն, որ ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Ժողովրդավարութիւն, որուն մասին այդքան խոխորտանքով կը խօսի Վարչապետը:
Անընդունելի եւ խստօրէն դատապարտելի է նաեւ ձերբակալութիւնը եւ կալանաւորումը, անձի մը, ինչպէս է Սամվել Կարապետյանը, որ մեծ աւանդ ունի իր բարեգործական, երկրի տնտեսական աճին եւ հայրենասէր նուիրումով, որովհետեւ կը քննադատէ ներկայ վարչախումբը մատնանշելով երկրին սպառնացող մեծ վտանգներուն մասին: Շատ երկիրներ կը ջանան ամէն կերպ իրենց Սփիւռքի զաւակները կապել երկրին ուր իրենք իրենց կարելիութիւնները ներդնեն, իսկ ՀՀ Վարչախումբը, հեգնանքով կը խօսի այլ երկրի քաղաքացիներու համար, որոնց ներդրումը սակայն հայրենիքի բարօրության համար անհամեմատ աւելի մեծ քան իրենցը: Յստակացնեմ՝ որ երբէք չեմ հանդիպած եւ ճանաչած Պրն. Կարապետեանին եւ որեւէ յարաբերութիւն չեմ ունեցած իր հետ: Մեր միակ կապը, պատահականօրէն նոյն ազգանունը ունենալն է:
Կը տեղեկանանք նաեւ որ կրկին անգամ սկսած են հետապնդումներն ու սպառնալիքները Հ.Յ.Դ. անդամներու հանդէպ: Նման քայլերով երկիրը արագընթաց կերպով կը յառաջանայ դէպի մենատիրութիւն եւ մարդու իրաւունքներու խախտման գործընթացի մէջ: Կոչ կընեմ Իշխանութեան որ ստափի եւ իր այս վարկածը փոխէ: Այս կէտին՝ Վարչապետին կուզեմ յիշեցնել թէ երբ այսօր ինք մնայուն կ’ամբաստանէ ի շարս այլոց նաեւ Արծուիկ Մինասյանին եւ Արթուր Խաչատրյանին, ինքը չէ՞ր որ 2018 ին իր կառավարութեան 100 օրուան զեկուցման Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, յայտարարեց որ երկու նախարարութիւններ, Էկոնոմիկայի Նախարարութիւնը եւ Գիւղատնտեսութեան Նախարարութիւնը ամէնէն կարեւոր յառաջդիմութիւնը կատարած են: Որո՞նք էին Նախարարները: Արծուիկ Մինասյան եւ Արթուր Խաչատրյան: Յանկարծ այսօր իրենք «վտանգաւոր յանցագործներ» դարձան: Պէտք է ի վերջոյ լրջանանք:
Ես յաճախ կը խուսափիմ Հայաստանի ներքին հարցերուն մասին գրելէ կամ խօսելէ, բայց այլեւս կարելի չէ խուսափիլ, քանի սկսած ենք հասնիլ ճգնաժամային պահերու եւ հարկաւոր է իւրաքանչիւրս ստանձնենք մեր պատասխանատուութիւնները հանդէպ մեր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին:
Արդ ուրեմն՝ կոչ կուղղեմ Վարչապետին եւ իր շրջապատին, վերջ տան իրենց այս քաղաքականութեան, որ մեծ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ կարող է ունենալ մեր Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին համար:
Յաջորդական քանի մը օրերուն պիտի անդրադառնամ Արցախի հարցին եւ ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան շուրջ:

Յ.Գ. Պիտի ակնկալեմ որ Վարչապետին, իր շրջապատին եւ կեղծ շահառուներու կողմէ, իմ դէմս վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ տեղի չունենան, որովհետեւ հակառակ պարագային պիտի ստիպուիմ հրապարակել անուններով, թէ իրենք ինչ արտայայտութիւններով կը խօսէին իմ մասիս:

Գասպար Կարապետեան